2011-11-20 12:52:50

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը` Սուրբ Պատարգին Աւարին` Ափրիկէի Եպիսկոպոսներուն Կը Յանձնէ Ափերիկէի Յատուկ Սիւնհոդոսի Յետ Սիւնհոդոսական Առաքեալական Յորդորագիրը։


Այսօր` կիրակի 20 նոյեմբերին` Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով վերջ կը գտնէ Պենետիկտոս ԺԶ-ի Պենին կատարած առաքեալական ճամբորդութիւնը ուր Սրբազան Քահանայապետը ժամանած էր անցեալ ուրբաթ 18 նոյեմբերին գլխաւոր նպատակ ունենալով Ափրիկէի Եկեղեզւոյ յատուկ սիւնհոդոսի Առաքեալական Յորդորագիրի յանձնումը։
Առաւօտեան ժամը 9ին <<բարեկամութեան>> մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ բացօդեայ համապատարագ Պենետիկտոս ԺԶ նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Ափրիկէի 180 եպիսկոպոսներու եւ հազարհինգհարիւր քահանաներու ու հազարաւոր հաւատացեալներու եւ ափրիկէի զանազան վայրերէ ժամանած ուխտաւորներու ինչպէս Նիճէրիայէն` Թոկօյէն` Կանայէն` Պուրքինա ֆազօյէն։ Սուրբ Պատարագին ներկայ եղաւ նաեւ Պենինի նախագահը եւ այլ քաղաքական իշխանութիւններ։ Նշենք որ Բարեկամութեան մարզադաշտը կ՛ընդգրկէ 30 հազար հոգի։
Արարողութիւնը որ սկիզբ առաւ Գոթոնուի Արքեպիսկոպոս եւ Պենինի եպիսկոպոսական դասի նախագահի ներակայացումով բաժնուած է երեք մասի։ Սուրբ Պատարագը` Առաքելական Յորդորագիրի Յանձնումը ու Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ուզեց յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամ մը տալ բոլորին։ Ան իր խօսքը կեդրոնացուց օրուան աւետարանի եւ օրուան տօնակատարութեան որ է Յիսուս Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնը։ Յիսուս` մարդու որդին` մեր կեանքի վերջին դատաւորը -ըսաւ նորին սրբութիւնը - մեզի կը ներկայանայ անօթի` ծարաւ` օտար` մերկ` հիւանդի եւ բանտարկեալի դիմագիծով` այն բոլոր տարապած անձերուն դէմքով` Այս բոլորին հանդէպ մեր ցոյց բերած վերաբերմունքը, հետեւաբար վերաբերմունքն է որ մենք ունինք Յիսուսի նկատմամբ։ Աստուծոյ Որդի ուզեց բաժնեկցիլ մեր մարդկային էութիւնը դառնալով ամենափոքրը իր եղբայրներուն մէջ։ Ան նոյնիսկ մահուան դատապարտուեցաւ ։Այս է Թագաւորը որ այսօր կը յիշատակենք ։ Ամէն մկրտեալ քաջ տեղեակ է թէ Քրիստոսի հետեւիլը կը պահանջէ մեծ զոհողութիւններ մինչեւ նոնյնիսկ կեանքի զոհաբերումը բայց ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ Սուրբ Պօղոս` Քրիստոսը յաղթեց մահուան եւ մեզ առաջնորդեց դէպի յարութիւնը` Նոր աշխարհ մը երջանկութեան ու ազատութեան աշխահ մը։
Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ սիրալիր խօսք մը ուղղեց բոլոր անոնց որ տարապանքի մէջ կ՛ապրին հիւանդներուն նա մանաւանդ Սիտայի հիւանդութեան զոհերուն եւ ընկերութենէն լքուածներուն <<քաջութիւն ունեցէք>> ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը <<Յիսուս ուզեց ձեր ալ տարապանքը բաժնեկցիլ` ձեր մէջ գտնելով նոր եղբայրներ ու քոյրեր ու ձեզ ազատելով չարէն ու տարապանքէն։ Ամէն մէկ կարօտեալ` հիւանդ եւ աղքատ արժանի է մեր սիրոյն եւ յարգանքին աւելցուց նորին սրբութիւնը որովհետեւ անոնց միջոցաւ է որ Աստուած մեզի ցոյց կու տայ դէպի երկինք առաջնորդող ճանապարհը։
Սրբազան Հայրը ապա անգամ մը եւս ուզեց նշել Կարտինալ Կանթէնի իմաստութիւնը եւ ափրիկէի եկեղեցւոյ ի սպաս տարած աշխատանքը։ հուսկ անդրադարձաւ աւետարանացումի կարեւորութեան մասին եւ Ափրիկէի սիւնհոդոսական յորդորներուն։ Քրիստոնեան միութեան` խաղաղութեան եւ զօրակցութեան անխոնջ կերտիչ մըն է, պարգեւները որ ստացած է Յիսուսէն, ըսաւ ան, եւ քարոզը եզրափակեց ֆոն լեզուով աղերսանք մը արտասանելով։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Առաքելական Յորդորագիրի յանձնումի արարողութիւնը որուն ընթացքին իր արտսանած ճառին մէջ Սրբազան հայրը քաջալերեց Ափրիկէի եպիսկոպոսները ի գործ դնելու յորդորագիրի պատգամները։ Կը Յուսամ որ այս Յորդորագիրը ձեզ առաջնորդէ Ափրիկէի մէջ տարածելու Յիսուսի Բարի Լուրի աւետիսը։ Յորդորագիրը պարզ պատգամ մը կամ խօսք մը չէ այլ ամբողջութեամբ յառում Յիսուս Քրիտոսի` մարդացեալ Աստուոյ։ Սրբազան Հայրը ապա Փորդուկերէն լեզուով ըսաւ. ''Սիրելի Ափրիկէի եկեղեցի եղի՛ր աշխարհի աղը։ Եղի՛ր Ափրիկփան հողամասի աղը որ օրհնուած է մարտիրոսներու արեամբ` քրիտոնէութեան վկաներ։ Եղի՛ր աշխարհի լոյսը` Ափրիկէի լոյսը որ յաճախ խոջնդոտներու ընդմեջէն կը փնտռէ խաղաղութեան եւ արդարութեան ճանապարհը։ Քու լոյսդ Յիսուս Քրիստոսն է որ է Աշխարհի լոյսը։ Աստուած քեզ օրհնէ սիրեցեալ Ափրիկէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.